The Guardian պարբերականը ներկայացրել է զրույց Հայոց Ցեղասպանության ականատես, 106 ամյա Ովսաննա Գալուստեանի հետ: Մանրամասները ներկայացրել է yerakouyn.com-ը:
«Փոքրամարմին տարէց կինը այլեւս Մարսէլի փողոցներու մէջ չենք տեսներ, կը քալէ ձեռնափայտի օգնութեամբ: Սակայն անոր աղջիկն ու թոռնիկները ուշադիր են անոր նկատմամբ, անոնք այդ առումով շատ շփացուցած են այս կինը»:
«Երբ անոր կը հարցնես անոր մանկութեան մասին, ան իրար կը խառնուի: 106-ամեայ Ովսաննա Գալուստեանը 1915-ին տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան վերջին վերապրածներէն մէկն է, որ անցեալի սարսափելի բոլոր յիշողութիւնները իր մէջ կը կրէ: Ան քաջ կը գիտակցի, թէ այդ դէպքերէն 1 դար անց ինչ կարեւոր առաքելութիւն ունի:
«Աստուած ինծի այսքան երկար կեանք տուած է, որպէսզի կարենամ պատմել այս պատմութիւնը»,-ըսած է Ովսաննա:
Ովսաննա իր մտքի մէջ պահած է բազմաթիւ պատկերներ ու մանրամասնութիւններ այն սարսափի, եղեռնի ու արտաքսումներու մասին, որոնց դատապարտուած է իր ժողովուրդը Օսմանեան կայսրութեան կառավարման տարիներուն:
Ովսաննա ծնած է 1907-ին` Կոնստանդնուպոլիսէն 100 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ատափազարըի մէջ: Ան մեծցած է եկեղեցւոյ հարեւանութեամբ գտնուող գեղեցիկ, եռայարկ տան մէջ, որ նաեւ պարտէզ ունէր: Ովսաննայի հայրը ունեցած է սրճարան, վարսավիրանոց ու ատամնաբուժարան:
Քաղաքը Օսմանեան կայսրութեան տարածքի մէջ բնակող հայերու համար եղած է կարեւոր առեւտրային ու արհեստագործական կեդրոն, որուն բնակչութեան կէսը եղած են հայեր: Ովսաննա կը վերյիշէ, որ Ատափազարըի մէջ նոյնիսկ յոյներն ու թուրքերը հայերէն կը խօսէին։
Ովսաննան ընդամէնը 8 տարեկան էր, երբ երիտթուրքերու կառավարութիւնը հրայանգեց կազմակերպել հայերու արտաքսումը:
«Կիրակի էր, անոր մայրը կը վերադառնար եկեղեցիէն. քահանան նոր յայտնած էր, որ քաղաքը պէտք է երեք օրուան ընթացքին պէտք էր պարպուէր»,-կը պատմէ Ովսաննայի թոռնիկը` Ֆրետերիքը, որ շատ լաւ գիտէ իր ընտանիքի պատմութիւնը:
Մարդիկ խումբեր կազմեցին ու քալելով ուղղուեցան դէպի հարաւ ու արեւելք: Ովսաննան իր ծնողներու, եղբօր, քեռիներու, մօրաքոյրներու ու զարմիկներու հետ միասին ժամանեց Էսքիշեհիր, ուր զիրենք խումբով լեցուցին անասուններու համար նախատեսուած գնացքի մէջ: Ահա այսպէս հազարաւոր հայեր ուղարկուած են Սուրիոյ անապատներ:
Սակայն ճանապարհին գնացքը կանգնեցուցած են թրքական նահանգներէն մէկուն մէջ ու հրամայած հայերուն կառուցել ժամանակաւոր ճամբար: Երկու տարի անց անոնք կրցած են փախչիլ ու գիւղական բնակավայրի մէջ թաքնուիլ:
Ովսաննան կը վերյիշէ, թէ ինչպէս կ’անհանգստանար այն երիտասարդ աղջիկներու համար, զորս կ’առեւանգէին Օսմանեան կայսրութեան աջակցող յանցագործները:
1918-ին Ովսաննան ու իր ընտանիքը կրցած են վերադառնալ իրենց հարազատ տունը, սակայն զայն յայտնաբերած են հողին հաւասարեցուած: Նաեւ, քաղաքի նոր թուրք բնակիչները թոյլ չեն տուած հայ ընտանիքին մնալ այնտեղ եւ զիրենք վռնտած են։
Անոնք նախ տեղափոխուած են Կոնստանդնուպոլիս, իսկ 1924-ին Ովսաննայի բարեկամները արտագաղթած են ԱՄՆ: Անկէ 4 տարի անց անոր ընտանիքը նաւակով փախած է դէպի Մարսէլ: Այսօր Մարսէլի բնակչութեան 10%-ը Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգներն են:
Ֆրանսայի մէջ Ովսաննան ամուսնացած է իր նման մազապուրծ եղած Զաւէն Գալուստեանի հետ. անոնք բացած են արեւելեան խանութ, գնած կտոր մը հող ու վերջնականպէս հաստատուած Մարսէլի մէջ:
«Ժխտելով Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը` մարդիկ կը ժխտեն նաեւ իմ տատիկիս պատմած պատմութիւններն ու ըսած խօսքերը»,-եզրափակած է Ֆրետերիկը: