▲ Դեպի վեր

lang.iso lang.iso lang.iso

Հարաճուն վերելք... Նոր ծրագրեր. ռեպորտաժ Բեյրութից

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւ անոր ձգած ժխտական հետեւանքները լիբանանահայութեան թիւին ու որակին վրայ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ ապրելու ժամանակամիջոցին տուեալով, ընկերային բնական համարկումի գործընթացը, պատճառ հանդիսացան լիբանանահայ վարժարաններու թիւին նուազումին, որ բաղդատած նախապատերազմեան տարիներուն՝  իջաւ նուազ քան կէսի: Շատ քիչ բացառութեամբ նոյնը պատահեցաւ նաեւ անոր աշակերտութեան թիւին:

Այդ բացառութեան մէջ առաջին դիրքը կը գրաւէ այսօր՝ Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը, որուն աշակերտութեան թիւն ու ակադեմական մակարդակը յարաճուն վերելք արձանագրեց: 1987-1988 տարեշրջանին 138 աշակերտներով հիմնադրուած վարժարանը այսօր ունի աւելի քան եռապատիկ թիւ՝ 2014-2015  տարեշրջանին հասնելով 468 աշակերտի:

Նախակրթարան, ապա միջնակարգ, այժմ իր բոլոր ճիւղերով պաքալորեայի դասարաններ ընդգրկող այս յարատեւօրէն աճող վարժարանը չբաւարարուելով միայն ակադեմական դասարաններով, անցնող տարիներուն ունեցաւ նաեւ իր Արուեստից Ուսման (Technical Baccaleaureate)  բաժինը, այս տարի այս բոլորին վրայ աւելցնելով նաեւ Ուսումնական Յատուկ Կարիքներ Ունեցող  Աշա֊կերտներու  Բաժանմունքը (Special Education Department) եւ Ամերիկ֊եան Ծրագրի Բա֊ժանմունքը (American Program).

Մինչ այլ վարժարաններ իրենց դռները ակամայ կը փակէին, Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի յարկերը սկսած էին նեղ գալ աճող աշակերտութեան թիւին եւ բաժիններուն:

Այս պատճառով Շաբաթ, 7 Փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, տեղի ունեցաւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի 4-րդ նորակառոյց յարկի բացման հանդիսութիւնը, բարձր հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին, ներկայութեամբ լիբանանահայ պետական գործիչներու, բարերար-նուիրատու՝ Պրն. Վարուժ Ներկիզեանի, Լիբանանի Կաթողիկէ Վարժարաններու Տնօրէններու Խորհուրդի նախագահ՝ հայր Պութրոս Ազարի, Զալքայի քաղաքապետ՝ Միշէլ Ասսաֆ Մըրրի, կղերական անձնաւորութիւններու, վարժարանիս բարերար անհատներու եւ բարեկամներու:

          Ի տես Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի այս անզուգական նուաճումներուն, ուզեցինք հարցազրոյց մը ունենալ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի ժրաջան տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեանի եւ նորաբաց բաժանմունքներէն՝ Ուսումնական Յատուկ Կարիքներ Ունեցող  աշա֊կերտներու  (Special Education Department) եւ Ամերիկ֊եան Ծրագրի (American Program) պատաս֊խա֊նատու Պրն. Սեւակ Յակոբեանի հետ:    

 

Հ. – Տիկ. Պոյաճեան կը շնորհաւորենք ձեր վարժարանի յարաճուն նուաճումները եւ կ՛ուզենք  իմանալ ի՞նչ ունիք ըսելիք մեր ընթերցողներուն այս մասին:

 

Ռիթա Պոյաճեան - Գիտակից ոչ մէկ հայ կրնայ ուրանալ հայ դպրոցին անզուգական դերն ու կարեւորութիւնը մեր ազգային կեանքին մէջ: Հայ դպրոցը այն կրթարանն է, ուր հայ մանուկներ ոչ միայն ուսում եւ կրթութիւն կը ստանան, այլ նաեւ կը հաղորդուին Մեսրոպեան տառերով եւ կը սորվին իրենց մայրենի լեզուն, հայոց պատմութիւնը, հայ աղօթքներն ու երգերը:

 

Հայ աշակերտը իր ամէնօրեայ ջուրին ու հացին չափ պէտք ունի հայ դպրոցի ոգեղէն սնունդին, առանց որուն անոր ազգային դիմագիծը հետզհետէ կը տժգունի ու կը խամրի:

Լիբանանի մէջ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը, յանձինս Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ. Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին, իրազեկ ըլլալով հայ կրթօճախին կարեւորութեան ընդհանրապէս եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանին էական դերին մանսաւորաբար, ի տես վարժարանիս աշակերտութեան թիւի մագլցումին, առաջարկ ներկայացուցած էր այս հայ օճախը ընդլայնել՝ հոգալու համար հայ աշակերտին կրթական բոլոր կարիքները: Առ այդ տարիներու ընթացքին, վարժարանս հաստատուն քայլերով բարձրացաւ յաջողութեան սանդուխները, հասնելու այսօրուան պատուաբեր մակարդակին:

 

Հ. – Ի՞նչ միջոցներ պէտք են Սփիւռքի մէջ Հայ դպրոցը ոտքի պահելու համար:

 

Ռիթա Պոյաճեան - Իրողութիւններու լոյսին տակ, սփիւռքահայութեան համար անհրաժեշտ են տեսիլք, աննկուն կամք եւ նիւթական զոհողութիւն, որպէսզի հայ դպրոցը մնայ կանգուն եւ կարենայ կատարել իր առաքելութիւնը: Եւ որովհետեւ միայն բարեհաճ իղձերով կարելի չէ տեղ մը հասնիլ, անհրաժեշտ է հայ մշակոյթի եւ ազգային ինքնութեան կաճառ հանդիսացող հայ դպրոցին բարոյապէս, բայց մանաւանդ նիւթապէս նեցուկ կանգնիլ, տնտեսապէս ինքնաբաւ դարձնել եւ սատարել անոր բարելաւման ու բարեզարդման: Արդ ամէն գիտակից հայու պարտականութիւնն է հայ դպրոցը պահել իր յառաջապահ դերին մէջ, իսկ այդ յառաջապահութիւնը կը կարօտի տնտեսական եւ բարոյական անվերապահ զոհողութիւններու: Եւ մենք այս տարի բախտաւորութիւնը ունեցանք վայելելու իշխանական նուիրատուութիւնը այն բարերարին, որ կը հաւատայ ու համոզուած է հայ դպրոցի կենսական դերակատարութեան եւ նպաստին հայապահպանման նկատմամբ:

 

Կ՚ըսեն, թէ երազները օր մը իրականութիւն կը դառնան: Այսօր մեր տարիներու երազը իրականացաւ: Անցնող օրերուն, վարժարանիս 4-րդ յարկի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ, որուն համար մեծապէս երախտագէտ ենք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ մեր հոգեւոր տիրոջ, որուն ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղաւ իրագործել այս հսկայական ծրագիրը, ինչպէս նաեւ մեր ազնուական բարերարին՝ Պրն. Վարուժ Ներկիզեանին, իր մեծածաւալ ներդրումին համար համագործակցութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Պանք օՖ Շարժայի եւ Էմիրէյց Լեպանոն Պանքի:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Հ. - 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանի սկզբնա֊ւորութեան ձեր վարժարանին մէջ ծնունդ առին շարք մը նոր բաժիններ, որոնց շարքին Ամերիկեան Ծրագրի Բաժանմունքը: Ի՞նչ է Ամերիկեան Ծրագիրը եւ ինչպէ՞ս ծնունդ առաւ այդ բաժանմունքին ստեղծումին գաղափարը:

 

Ռիթա Պոյաճեան - Իբրեւ հայկական կրթօճախ մենք պէտք է տեղ ունենանք բոլոր տեսակի աշակերտներուն համար:  Ուսումնասիրութենէ ետք ի յայտ եկաւ, որ տակաւին կը գտնուին աշակերտներ, որոնք օտար վարժարաններ կը յաճախեն, եւ այս երեւոյթին պատճառները որոնելով պարզուեցաւ, որ կան ընտանիքներ, որոնք օտար հպատակութիւն կը կրեն, եւ այս պատճառով կ՚ուզեն հե֊տեւիլ ուսումնական օտար ծրագրի, որ կը կոչուի Ամերիկեան Ծրագիր: Այս ծրագրին կրնան հետեւիլ միայն անոնք, որոնք օտար հպատակութիւն կը կրեն կամ ընտանեօք դուրս ճամբորդած ըլլալով՝ աշակերտը հոն ուսանած ու հեռու մնացած է լիբանանեան կրթական ծրագիրէն: Այս մտահոգութիւնը մեզի մղել տուաւ հիմը դնելու այս բաժանմունքին, որպէսզի տեղ տանք այս խումբին պատկանող հայ աշակերտներուն:

Խօսքը մասնաւորաբար արաբերէն լեզուի մէջ դժուարութիւններ  դիմագրաւող աշակերտներուն համար չէ, որովհետեւ շատեր կան որոնք օտար հպատակութիւն կը կրեն, բայց Լիբանանի մէջ ապրելով կ՚ուզեն տիրապետել արաբերէն լեզուին: Եթէ Լիբանանի մէջ կ՚ապրինք պէտք է տիրապետենք արաբերէնին: Միւս կողմէ կը տեսնենք փոքրեր, որոնք դժուարութիւն ունին արաբերէնի, եւ թէ՛ ծնողքը եւ թէ ուսուցչուհիները կը տառապին այդ ուղղութեամբ: Հետեւաբար եթէ այս պզտիկը ունի օտար հպատակութիւն, ինչո՞ւ տառապանքով դաս սորվի, կամ այս ծրագրին մաս կազմելու համար ստիպուի օտար վարժարաններ յաճախել:

Այն աշակերտը, որ օտար վարժարանի մէջ կը հետեւի օտար ծրագրի, հայերէն դաս չ'առներ, հայկական կրթութիւն  չի ստանար, սակայն մեր մօտ` հայկական մթնոլորտի մէջ, ուսման կողքին ան պիտի ստանայ նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն:

 

Հ – Ամերիկեան Ծրագրի հետեւող աշակերտները եթէ Լիբանանեան պետական ծրագրին չեն հետեւիր եւ հետեւաբար պետական քննութիւն չեն անցներ, ապա ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ անոնց համալսարան մուտքի գործընթացը:

 

Սեւակ Յակոբեան - Այն բոլոր աշակերտները, որոնք կը լրացնեն Ամերիկեան Ծրագրին հետեւելու պայմանները, այսինքն ունին օտար հպատակութիւն կամ Լիբանանէն դուրս երեք տարի յաճախած են այլ երկրի մը մէջ գտնուող վարժարան, կրնան համալասարանական իրենց ուսումը բնականոն ձեւով շարունակել՝ պետական արտօնութիւնը ստանալով յաճախել համալսարանական Ֆրէշմէն (Freshman) դասարանը: Այս ուղղութեամբ մեր վարժարանը նաեւ կը տրամադրէ համալսարանի մուտքի քննութիւններուն վերաբերեալ ուսուցում, Ամերիկեան Ծրագրի 9-րդէն 12-րդ դասարաններուն մէջ, ինչպէս SAT-ի եւ TOEFL-ի դասընթացքներ, անգլերէն լեզուի եւ ուսողութեան դասերու ծիրէն ներս:  

Մէկ խօսքով Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Ամերիկեան Ծրագրի Բաժանմունքէն աւարտող աշակերտները, պիտի ստանան Բարձրագոյն Վարժարանի իրենց վկայականը, ինչպէս նաեւ անոնք նախապատրաստուած պիտի ըլլան համալսարանի մուտքի քննութիւններուն, որոնք պարտաւորիչ են Լիբանանի եւ արտասահմանի ամերիկեան թեքումով համալսարաններուն մէջ:

 

Հ.  - Ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու բաժանմունքը ինչպէ՞ս կը բնութագրուի:

 

Ռիթա Պոյաճեան - Իրականութիւն մը կայ, որ ունինք փոքրեր որոնք դանդաղ կ՚ըմբռնեն կամ դժուարութիւն ունին սորվելու եւ հասկնալու: Այս փոքրերը նոյնպէս պէտք է տեղ ունենան մեր հայկական վարժարաններէն ներս, որովհետեւ այդ կարելիութեան չգոյութեան պատճառով, այս կարիքի տէր աշակերտները կը ստիպուին օտար վարժարաններ յաճախել:

 

 

Այս ծրագրին մէջ նկատի առնուած է ուղղաձայնութեան եւ հոգեշարժական արուեստի մասնագէտներու  ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ ուսումնական հոգեբանուհիի մը, որոնք կը հետեւին դժուարութիւններ ունեցող աշակերտներուն: Այս տեսակի աշակերտներուն պարագային ուսուց֊չուհին պիտի ունենայ լայն համբերութիւն եւ անոր կողքին նաեւ արհեստավարժ պատրաստուածութիւն:

 

 

Հ. - Այսպիսի նիւթեր «թապու» են ժողովուրդին համար: Կա՞ն ծնողներ որոնք չեն ուզեր արտայայտուիլ, որ իրենց զաւակը որոշ դժուարութիւններ ունի:

 

Սեւակ Յակոբեան – Անշուշտ ոեւէ ծնողքի համար իր զաւակը ամենախելացին է ու արթունը եւ պիտի փափաքէր, որ իր զաւակը բնա֊կա֊նոն կերպով հետեւէր դասերուն: Անշուշտ երբ անոնք կը գտնուին այնպիսի իրականութեան մը առջեւ, ուր զաւակը ուսումնական եւ վերաբերմունքի որոշ դժուարութիւններ կ՛ունենայ՝ սովորական մթնոլորտի մէջ ուսումնառութիւնը շարունակելու, ծնողքը այլ ելքի ճամբայ կը փնտռէ: Կամ պիտի լքէ զաւակը իր ճակատագրին, ուր փոքրիկը սովորաբար դասարան կը կրկնէ, ուսուցչուհիներուն հետ հարցեր կ՛ունենայ, hետեւաբար ուսումը շարունակելը բաւական դժուար աշխատանք մը կ՛ըլլայ: Կամ ալ հաշտուելով իրականութեան հետ եւ ընդունելով իր զաւկին տարբեր ըլլալը՝ փորձէ անոր դպրոցական յարկի տակ պահել ամէն գնով, յարմար վարժարան մը գտնելով, որովհետեւ ընդհանրապէս նման փոքրիկներ իրենց շրջապատէն չհասկցուելով՝ ուսումէ կը հեռանան, մանաւանդ երբ ծնողքը նիւթական դժուարութիւն ալ ունի:

Հայկական իրականութեան մէջ նման պզտիկներ դպրոցական յարկին տակ ընդունելու պատրաստութիւնն ու հասկացողութիւնը դժբախտաբար գոյութիւն չունենալուն, այն Հայ ծնողները որոնք նիւթական աւելի նպաստաւոր պայմաններ ունին, որպէսզի կարենան իրենց զաւկին օգտակար դառնալ, մինչեւ այսօր կ՚ուղղուէին օտար վարժարաններ հոն լուծումներ գտնելու:

Մեր դպրոցին մէջ ստեղծուած այս ծրագիրը եկաւ լուծում մը տալու վերոյիշեալ ծնողներուն եւ առիթ մը մեր սիրելի փոքրիկներուն՝ իրենց կարողութիւններուն յարմարող դպրոցական մթնոլորտի մը մէջ շարունակելու իրենց ուսումնառութիւնը:

 

 

Նախապէս այս տեսակ ծրագիրներ գոյութիւն ունէին առանձնայատուկ դպրոցներու մէջ, սակայն ներկայի ուսումնական փիլիսոփայութիւնը կ՛առաջադրէ, որ այս պզտիկները շաղուին սովորական ծրագրին մէջ եւ անոր հետեւող աշակերտներուն հետ, ինչ որ երկուստեք շահ է:

 

Այդպիսով թէ՛ դժուարութիւն ունեցող պզտիկը կը գտնուի բնական մթնոլորտի մէջ, եւ թէ մնացեալ պզտիկներուն առիթ կ՚ըլլայ՝ որպէսզի այլ տեսակի անձերու հան֊դէպ իրենց ունեցած նախապաշարումները փարատին։ Այսպիսով երկու խումբերը իրար կը միանան, որովհետեւ իւրաքանչիւր ընտանիքի, իւրաքանչիւր հաւաքականութեան մէջ կան տար֊բեր կարո֊ղու֊թիւններով մարդիկ:

 

Հետեւաբար ինչո՞ւ այս առիթը չտալ բոլորին հայկական դպրոցի մը մէջ, դպրոց-աշակերտ-ծնողք եռեակի համագործակցական աշխատանքով մը, ուր մենք մեր կարելին կ՛ընենք ինչպէս աշակերտին նաեւ ծնողքին հոգեկանին վրայ աշխատելու, միեւնոյն ժամանակ ջանք թափելով եւ վերակազմաւորելով ուսուցչական կազմը՝ ինչ կը վերաբերի ուսումնական յատուկ դժուարութիւններ ունեցող փոքրիկներ ընկալելու համար:

 

Տեղին է հոս յիշել, թէ այս պզտիկները սովորական դպրոցի մէջ ըլլալու կարելիութիւնը ունին լիբանանեան օրէնքով: Այսինքն անոնց դասերը կը մեղմացուին, յաւելեալ աջակցու֊թիւն կը ցուցաբերուի եւ անոնք կը մնան լիբանանեան կրթական ծրագրին մէջ, մինչեւ հասնին Պրէօվէ դասարանը, ուր պետութիւնը կ՛արտօնէ անոնց քննութեան չնստիլ ու աշակերտները կը շարունակեն դասարան փոխել: Անշուշտ աշակերտին պարագան հաստատուած պէտք է ըլլայ բժիշկի մը կողմէ՝ բժշկական համապատասխան արդիւնքներու վրայ հիմնուելով:

 

 

Հ. - Որո՞նք կրնան թեկնածու աշակերտ ըլլալ այս բաժանմունքին:

 

Ռիթա Պոյաճեան - Բնականաբար խօսքը որոշ դժուարութիւններ ունեցող պզտիկ֊ներու եւ ոչ-ծայրայեղ պարագաներու մասին է, որոնք այլ յատուկ վարժարաններու համար են: Մենք կը խօ֊սինք սորվելու դժուարութիւններ ունեցող փոքրիկներու, եւ այդ նոր վերագրումներուն մասին, որոնցմով կ՚ախտաճանաչուին այսօրուան պզտիկները` ADHD (Atten֊tion Deficit Hyper-activity Disorder), կան dyslexic փոքրիկներ, որոնք իրենց գիրով, կարդալու եւ արագ աշխատելու կարողութիւններով տարբեր են միւսներէն: Այս բոլորը ներգրաւուած են այս ծրագ֊րին մէջ, որ յատուկ եւ սերտուած կերպով մշակուած է:

Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մարդասիրական առաքելութիւնը այն է նաեւ, որ այս պզտիկներուն առիթ տրուի` մնալու դպրոցական յարկի տակ, շարունակելու իրենց ուսումը, որովհետեւ շատ պարագաներու այս տեսակ փոքրիկներ շատ լաւ արդիւնք կու տան՝ երբ յարատեւ հետեւողութիւն կ'ունենան:

 

Շնորհակալութիւն ձեր այս շահեկան եւ նորութիւններով լեցուն տեղեկութիւններուն համար: Յաջողութիւն ձեզի, իսկ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Վարժարանին՝ նորանոր նուաճումներու լաւագոյն մաղթանքներ:

 

Հարցազրոյցը վարեց՝

ԶՕՀՐԱՊ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ

 

Asekose.am-ի նյութերի հետ կապված Ձեր տեսակետը, պարզաբանումը կամ հերքումը կարող եք ուղարկել info@asekose.am-ին․ այն անմիջապես կզետեղվի կայքում
Բլոգ ավելին