ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 27....տխուր թուական մեր նորագոյն Պատմութեան մէջ, երբ գլխատուեցաւ մեր վերանկախացած պետականութիւնը՝ ահռելի ոճրագործութեամբ, եղեռնագործութեամբ, որուն զոհ գացին ՀՀ Վարչապետը, Ազգային ժողովի նախագահը եւ անոր անդամ կարկառուն դէմքեր....գործադրուած նոյնինքն ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ դահլիճին մէջ: ԲՈՒՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱՏՈՒՆԵՐԸ այս սարսռալից ոճրագործութեան չյայտնաբերուեցան, մնացին ԱՆՊԱՏԻԺ...Ժողովուրդը սակայն իր գիտակցութեան մէջ լաւ գիտէ, թէ ՈՐՈՆՔ կրնային նման պետականասպանութիւն գործել: ԽՈՒՆԿ ՈՒ ԱՂՕԹՔ ԶՈՀԵԱԼՆԵՐՈՒ ՇԻՐԻՄԻՆ ԵՒ ԹՈՂ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԽԱՐԱՆԸ ՍԵՒԱՑՆԷ ՃԱԿԱՏԸ ԱՆՈՆՑ, ՈՐՈՆՔ ՊՂԾԵՑԻՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԵՐԿԻՐ՝ յանուն իրենց նեղ-անձնական թէ խմբակային ՇԱՀԵՐՈՒՆ: ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՊԻՏԻ ՉՆԵՐԵՆ ԻՐԵՆՑ ԵՐԲԵ՛Ք:
Ֆեյսբուք