▲ Դեպի վեր

lang.iso lang.iso lang.iso

Ժամանակի հրամայականը

 

Երկար ժամանակէ ի վեր լիցքով սպասուած 1915 թ. Մեծ Եղեռնի հարիւր ամեակի ոգեկոչումը համաշխարհային չափանիշով բաւականի յաջող անցաւ, ըստ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգիսեանի յորդորին, թէ երկրորդ փուլին հեռատէս և աւելի գիտակից ըլլալ, աւելի լաւ արդիւնքի հասնելու համար Հայաստան, Արցախ և Սփիւռքի միահամուռ աջակցիլ:

Մանաւանդ Սփիւռքի պարագային ջլատուած վիճակէն ձերբազատուիլը հրամայական է:

Այլևս հրաժարիլ բազմազան տէսակետերէ, որ առիթ կուտայ հակառակութեան այլազան վիճաբանութեանց մինչև իսկ թշնամանքի: Անցեալին ապրեցանք եսի՛, փառքի, աթոռի, յոխորտանքի վիճակներ, այդ աղետեն եթէ չը կարողանանք փրկուիլ, եթէ չյաղթանակենք, անցեալի նման անյաջողութեան դատապարտուած ենք: Սին խօսքերով ժամանակ վատնելէ զատ, մինչև հիմա ո±ւր հասանք:

Որէմն՝ չկայ դաշնակցութիւն, չկայ հնչականութիւն, չկայ ռամկաւարութիւն և չկայ համայնաւարութիւն, չկայ Հայաստան 70-ի մօտ կուսակցութիւններ և քաղաքական խումբաւորութիւններ, որ յանձնառու ըլլան մէկ նպատակի,  միանշանակ աշխատանքի, որին մենք դեռ հասած չենք բոլոր իզմերով վերջացած կազմակերպութեանց:

Ուրեմն՝ ունինք մէկ ազգային սուրբ նպատակ:

Երբ յաճախ կը խօսինք միասնականութեան  մասին. Նախ, մեր ինքնագիտակցութեան գալը ստիպողական է, ըլլանք անկեղծ և շիտակ:

Ունինք երեք վարկածներ: Եթէ անոնք զատ-զատ քննենք իրենց ներկայի պարզ վիճակներով՝ առաւելութիւնները և թերութիւնները խոշորացոյցի տակ շաղախիլ և, օրուան  միջազգային պայմանները նկատի առնելով, բազմաթիւ քննարկումներով ապագայի վճռական որոշումներու յանգիլ:

    Ա. Հայաստան 1991 ի անկախութիւնէ յետոյ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի օրով աներեւակայելի ձախորդական ղեկաւարութեամբը երկիրը խառնաշփոթ վիճակի մատնուեցաւ, որուն անդրադառնալ՝ էջեր կառնէ, գրիլ չարժէ՝ գիտցողը գիտէ:

Այդ անդրադարձները մինչև օրս կը շարունակուի:

Հայաստանը, բաղդադելով անցեալին, իր դրական ռազմաւարութեամբ, ներկայի դաշինքներով, զինուորական արդիական սպառազինութեամբ ապագայի ապահովութեան երաշխիքն ունի:

    Հայաստանն այսօր իր բոլոր կառոյցներով միջազգային օրենսդրութեամբ գերիշխան և ազատ օրինակելի պետութիւն մըն է:

Հասած ենք մեր հոգեկան բաւարարութեան, մեր դարերու կարօտի իրականացման:

Բ. Արցախն իր հերոսական պայքարի յաղթանակով, ղեկավարութեան յարիր արդար և յաջող ձեռնարկներով միջազգային ճանաչման և ներքին խաղաղութեամբ կը յառաջադիմի:

    Գ. Սփիւռքն ունի երկու կարևոր պարտականութիւն:

Կանխիլ իր իւրացումը և յետոյ՝ Արեւմտեան Հայաստանը իր ամենամեծ հարցը կը կազմէ:

Իր տասն միլիոն զանգուածով հայութեան միացմամբ Արեւմտեան Հայաստանի տիրացման գրաւականը Սփիւռքի ուսերուն վրայ է:

Նախ՝ իւրացման դէմ իր տեւողականութիւնը ամրապնդիլ, ոյժ տալ հայախօսութեան, ուսման, զարգացման և միասնականութեամբ զօրանալ:

Կազմել Սփիւռքի յատուկ կառավարութիւն իր պատշած բոլոր նախարարութիւններով, մեր ազգային ակնկալութեանց համապատասխան խրթին հարցերու կիրարկման համար, որպէսզի հայ անձը, ժողովուրդը գիտակցի իր վարմունքին, ընելիքին և առաջադրութիւնն իրականացնելու պատրաստ ըլլալ:

Համաշխարհացման, հանրվարական, մարդկային իրաւունքներու զարգացումը առիթ կ՛ընծայեն Արեւմտեան Հայաստանի իսլամացած կամ քիւրդացած, թուրքացած հայութեան, որ այժմ ինքնագիտացման զարթօնքը կ՛ապրի, հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր տեղացի գաղտնի հայերը զիրենք երկիւղի, վախի սաղմը պատռիլ սկսած են:

Այս իրողութիւնը, երբ Հրանդ Տինք յայտնաբերեց՝ ըսելով՝ թէ իսլամացած կամ քիւրդացած, թուրքացած հայութիւնը միլիոնի կը հասնի, թուրքը կռահեց ապագայի գալիք վտանգը և առաջքը առնելու համար սպաննեց Հրանդ Տինքը: Այսպէսով ան երկրորդ ցեղասպանութեան առաջին զոհը եղաւ, երկրորդեց՝ Նշան Պալիճն:

Բայց թուրքը լաւ գիտնալու է, թէ պատմութեան ընթացքին քանի-քանի անգամներ Միջին Ասիոյ խորքերէն եկող ցեղեր Հայաստանը գրավեր են, սակայն ամէն անգամ Հայաստանը վերածնած է:

Սփիւռքի առաջնակարգ հրամայականն է՝ մին ալ իր մեծ պապերու, մեծ մայրերու ծննդավայրը եղող Արեւմտեան Հայաստանի հողերը՝ Ղարսը, Արդահանը, Էրզրումը, Մուշը, Պիթլիսը, Վանը, Թրապիզոնն ազատագրիլն է:

Այս իր մեծ հայրերու, մեծ մայրերու հոգիներու խաղաղութեան համար է, միշտ յիշել նահատակուած ատեն զգացած ցաւին, յուզմունքին, ատելութեան, ոխի, վրեժ լուծելու իղձը:

Ուրեմն այս դրութեամբ Սփիւռքը իր նախնեաց հանդէպ վիզի պարտքը ունի:

Այս պատերազմ մըն է. որ աչքի պիտի առնինք:

Թէ ինչպէս պիտի իրականանայ անմիջապէս ըսիլ, անխոհեմութիւն է: Կը կարօտի երկարատև քննարկումներ..., բազմազան օրակարգերու, տեւական համագումարներու արդիւնքով սրտացաւ հայերու միասնական, վերջնական որոշումներու և հարցերու իրագործման պատրաստութեան:

Քաղաքագետներու, քաղաքական փաստաբաններու, պատմաբաններու մօտ դիվանագիտական պրպտումներու համաձայն միջոցներու դիմելը, վերջապէս ինչ որ հարկ է այդ ձեւով վարուիլ:

Սփիռքի ամէն մի իւրաքանչիւր ընտանիք Եղեռնի ենթարկուած զոհեր ունի:

Այս իրողութիւնը մեզի մշտական խթան, խարազան պետք է ըլլայ՝ մեր յարատեւ աշխատութեան և յաղթանակի յաջողութեան համար:

Երբ Սփիւռք կ՛ըսէնք, իր ունեցած կարողութիւնը և կարեւորութիւնը պէտք չէ նսեմացնել:

Այսօր աշխարհի բոլոր մարզերու մէջ՝ Եւրոպա, Ռուսիա, Ամերիկա, Հարավային Ամերիկա և այլուր ունինք հազարաւոր միլիոնատէրեր, բավականի միլիառատէրեր:

Բոլորը զերոյով սկսած և յաջողած, իրենց պատկանած ազգին, տոհմին ձիրքը, փայլը վկայող, կեանքի հազարաւոր մարզերու մէջ փայլատակող որդիները համախումբ միանալով խորհուրդի իմաստալից որոշումներով, կրնան ներկայի քաղաքական, տնտեսական խառնակ առեղծուածային դիվանախաղերու յարմար յելոյթներ գտնել:

Արեւմտեան Հայաստանը մեր գերագոյն նպատակն է: Իրականացնել և տէր կանգնիլ:

Այս է ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ:

 

Նազարէթ Սրմաքեշեան

Շվեյցարիա,

22.06.2015թ.

Asekose.am-ի նյութերի հետ կապված Ձեր տեսակետը, պարզաբանումը կամ հերքումը կարող եք ուղարկել info@asekose.am-ին․ այն անմիջապես կզետեղվի կայքում
Քաղաքական ավելին