Համազգային Հայ Կրթական և Մշակութային Միության Կենտրոնական վարչությունը տեղեկացնում է, որ բանաստեղծուհի Սոնյա Քիլեջյան-Աճեմյանը նշանակվել է «Բագին» ամսագրի խմբագիր:
Մամուլի հաղորդագրությունն` արևմտահայերենով` կարող եք կարդալ ստորև.
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը այսու կը ծանուցէ, թէ 1962-ին ծնունդ առած «Բագին»-ը այս տարի կը թեւակոխէ նոր հանգրուան մը:
54 տարիներէ ի վեր, սփիւռքի մտաւորական ընտրանին «Բագին»-ի մէջ գտած է ստեղծագործական եւ բանասիրական երկակի հարթակ մը, որուն վրայ վաւերական անուններու կողքին երեւցած ու կազմաւորուած են անոնց յաջորդող սերունդները: Կարօ Սասունիով, Եդուարդ Պոյաճեանով ու Պօղոս Սնապեանով ձեւաւորուած «Բագին»-ը այսօր կը հանդիսանայ գրականութեան եւ արուեստի նուիրուած` սփիւռքի ամէնէն երկարակեաց եւ յարգելի հանդէսը:
2003-ին վերոյիշեալ անուններուն յաջորդող խմբագիրը` Յակոբ Պալեան, տասներկու տարիներ իր մտասեւեռման առարկայ դարձուց «Բագին»-ը, ապահովելով անոր անխափան հրատարակութիւնը, եւ այդ ճամբով գուրգուրալով արեւմտահայ գրական մթնոլորտի պահպանման վրայ: Միաժամանակ, ան «Բագին»-ին բերաւ դեռահաս աշխատակիցներ, որոնք կը շարունակեն բոլորուիլ «Բագին»-ին շուրջ այսօր: 2015-ի աւարտին, իր տարիքի բերմամբ, Յակոբ Պալեան «Բագին»-ի խմբագիրի պաշտօնէն կամովին դադրելու խնդրանք ներկայացուց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, որ ընթացք տուաւ ընկերոջ փափաքին: Այսու մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Յակոբ Պալեանին` իր պաշտօնավարութեան ընթացքին իր դերակատարութեան եւ «Բագին»-ին մատուցած ներդրման համար:
«Բագին»-ը այժմ կը մտնէ փոխանցման թարմ շրջան մը: Արդարեւ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ կը ծանուցէ, թէ 1 յունուար 2016-էն սկսեալ, «Բագին»-ի խմբագիր նշանակած է Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեանը, իսկ փոխխմբագիր` Նորա Բարսեղեանը: Անոնց կողքին պիտի գործէ խմբագրական խորհուրդ մը` հետեւեալ կազմով. Քրիստիան Բատիկեան, Մարուշ Երամեան, Վիգէն Թիւֆէնքճեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Աւետիս Հաճեան, Շաղիկ Մկրտիչեան, Վարդան Մատթէոսեան, Արքմենիկ Նիկողոսեան, Արամ Պաչեան, Սեւան Տէյիրմէնճեան, Միրնա Տուզճեան եւ Յարութիւն Քիւրքճեան:
Նոր շրջանի «Բագին»-ի անդրանիկ թիւը, որ պիտի ըլլայ միացեալ, լոյս պիտի տեսնէ յուլիս 2016-ին: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը վստահ է, որ «Բագին»-ի նոր նշանակուած խմբագիրը, փոխխմբագիրն ու խմբագրական խորհուրդը պիտի շարունակեն ամրագրել զիրենք նախորդողներուն աւանդը` միաժամանակ սատարելով արեւմտահայերէնի պահպանման, սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ ծաւալող ստեղծագործական ու իմաստասիրական ճիգին դէպի «Բագին» ուղղորդման եւ իմացական խօսքի հնչեղութեան:
Ստորև կարող եք դիտել Սոնյա Քիլեջյան-Աճեմյանի հարցազրույցը գրող Արմեն Շեկոյանի հետ` Asekose.am-ի Բացարձակ Արժեք հաղորդման շրջանակներում: