Երբ Հայոց Պատմութեան էջերը կը կարդաս, ողջ էութեամբ կը սարսռաս՝ Արտագաղթի տխուր երեւոյթին դէմ յանդիման, որ շարունակ կրկնուեր է տարբեր ժամանակներուն, տարբեր պատճառաբանութիւններով: Կը մտաբերեմ ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿԻ խորիմաստ պատգամը ուղղուած իր թոռնիկին. «Քեզ հողին հետ պիտի պսակեմ...»:
Հայը ընդհանրապէս չէ կրցած իր հողին հետ պսակուիլ, իր հողին հետ միաձուլուիլ, նոյնանալ, եւ իր բախտը՝ շատ անգամ, մինչեւ հիմա, որոներ է եւ դեռ կ'որոնէ օտար երկինքներու տակ: ՕՏԱՐ ՀՈՂԸ ԵՐԲԵՔ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՉԻ ԴԱՌՆԱՐ, նոյնիսկ եթէ դրախտանման կեանք կարելի ըլլայ կերտել այդտեղ: