▲ Դեպի վեր

lang.iso lang.iso lang.iso

Մարի Ռոզ Աբուսէֆեանի Մեկնաբանական Աշխատութիւնը

Երկու անգամ ըմբոշխնած եմ մենակատար դերասանուհի ու բեմագիր Մարի Ռոզ Աբուսէֆեանի տաղանդը բեմի վրայ` եւ հիացած, թէ ինչպիսի` ճկուն խաղարկութեամբ,  ձայնի շեշտի  փոփոխական երանգներով ու տարբեր դերերու մէջ առանձինն  կը տիրապետէ թատերասրահին եւ կը գրաւէ թատերասէրները:

Հաճոյքով կը կարդամ նաեւ պարբերաբար հայ մամուլին տուած իր յօդուածները, որոնք արուեստագէտի  ջերմութեամբ ու զգացական զեղումով գրուած ըլլալնուն` անմիջական կապով մը կը հաղորդուին ընթերցողին եւ զինք կը դարձնեն համակրելի գրիչ:

Այսքանով  կը սահմանափակուէր իր անձին մասին իմ ճանաչողութիւնս:

Վերջերս, փոխադարձ ծանօթացման պատեհութիւն մը առիթ դարձաւ, որ մակագրէ    ու ինծի նուիրէ իր հեղինակած գիրքը` հրատարակուած «ՀՀ  ԳԱԱ  Մ. Աբեղեանի   անուան  գրականութեան  ինստիտուտի  գիտխորհրդի որոշմամբ», Երեւան, 2011-ին, հայաստանեան ուղղագրութեամբ:  Կողքին` Յակոբ Օշականի  նկարը, որուն ներքեւ կը կարդամ – ՅԱԿՈԲ  ՕՇԱԿԱՆԻ  «ՀԱՐՅՈՒՐ  ՄԵԿ  ՏԱՐՎԱՆ» ԵՌԱԳՐՈՒԹՅՈՒՆԸ:

Ընթերցումի չսկսած` վերապահ եմ արդէն գիրքին նկատմամբ: Չափազանցուած յանդգնութիւն կը նկատեմ  Յակոբ Օշական  պեղելը, որուն գրականութիւնը, ոճով ու բովանդակութեամբ , տարածքով ու խորութեամբ անչափելի ծով մըն է, ուր ինկողը շնչահեղձ ըլլալու աստիճան կը ճնշուի,  եւ ուր դժուար թէ կարենայ թիավարել զիրար հրմշտկող մտածմունքի մեծ ալիքներու եւ  յաջորդական  հոսանքներու բռնուած: Ուրիշներ ալ  փորձած են մօտենալ Օշականին: Հայ գրականութեան պատմութեան մասին որոշ  ծանօթութիւն ձեռք ձգելու սահմանափակ փորձերուս մէջ համամիտ եղած եմ այն կարծիքին, ըստ որուն Օշական  իր ատենին հալածանքի ենթարկուած է այն պատճառով, որ անոր ստեղծագործութիւնները պատկանած են ապագային: Այսինքն հանճարը ծնած է ու արտադրած` իր ապրած ժամանակաշրջանը գլել-անցնելով: Անոր «նոր»-ը բնականաբար բախում պիտի ունենար  հինին հետ: Եւ ինչպէս գրքին հեղինակը բոլորովին տարբեր հանգամանքի մէջ կը նշէ. «Հնի ու նորի բախումներում միշտ էլ զոհերն են դառնում նորն ստեղծողները…»: Պատահած է նաեւ, որ հանդիպիմ այնպիսի գրիչներու, որոնք խծբծանքով ու քինախնդիր բնորոշումներով մերժած են ընդունիլ անոր մեծութիւնը: Շատ հաւանաբար գրադատ Օշականէն ժխտական գնահատանքի ենթարկուած ըլլալու դառն խնդիր մը  խանդոտած է զիրենք եւ պատճառ դարձած` ժխտական դատումներու: Իսկ միւսները, վաւերական հեղինակներ, իրենց նուաճած հեղինակութեամբն ու հմտութեամբը վկայած-հաստատած ու ընդգծած են գրագէտ Օշականին եզակիութիւնը, անոր անառարկելի մեծութիւնը, բացառիկութիւնը:  Հասկնալի է, որ հեղինակութիւնն ու հմտութիւնը իրաւունք  ունենան արուեստի երկերու մասին  դատումներ բանաձեւելու եւ գրադատական արժեւորումներ  կատարելու: Բայց խոստովանիմ, որ անձնապէս  բախտը չեմ ունեցած տեսնելու-կարդալու գրութիւններ, որոնք մանրամասն վերծանումներով  մեկնաբանած ու վերլուծած ըլլան Օշական երեւոյթը: Բացատրած ըլլան, թէ ինչո՛ւ անչափելի է Օշականի գրական արուեստին խորութիւնը …

Ահա այս տեսակէտէն ինծի համար յայտնութիւն մը եղաւ  Մարի Ռոզ Աբուսէֆեանին աշխատութիւնը, որ համապարփակ ուսումնասիրութեամբ մը մեզի կը ներկայացնէ Օշականի «հարիւր մէկ տարուան» եռագրութեան վիպակներու մեկնաբանութիւնը, ըստ որուն` անոնք ունին ներքին միասնութեան մը մտադրութիւնը` տարբեր միջավայրերու մէջ զարգացող դէպքերու ընդմէջէն ու տիպարներու  դրսեւորած հակազդեցութիւններէն ցոլացող:

Այդ վիպակները`  «Ծակ  պտուկը», «Հաճի Մուրատ», «Հաճի Ապտուլլահ» եռագրութիւնը, ժամանակագրական յաջորդականութեամբ գրուած, յաջորդաբար կը պատկերեն հայն ու հայուն ներաշխարհը, հայն ու թուրքը, թուրքն ու թուրքին հոգեյատակը: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը, ներառեալ` «Սուլէյման Էֆէնտին», «թէեւ կեանքի տարբեր երեւոյթներն են բացայայտում,- կ՛ըսէ հեղինակը, – բայց բոլորն էլ հիմնուած են մի հիմնական փիլիսոփայութեան` կեանքի յաւիտենական պայքարի, ապրելու եւ գոյատեւելու, մեռնելու , սերունդ ստեղծելու յաւերժական երեւոյթի վրայ, մարդու էութեան ու նրա ապրումների, կրքի, նրա ազդեցութիւնների, մարդկային թուլութիւնների ու խիզախումների վրայ…»:

Վիպակներէն ամէն մէկուն բովանդակութիւնը հեղինակը նախ կու տայ պատումի բաժինով մը` ժամանակի, միջավայրի , բարքերու եւ մտայնութեանց լիարժէք բացատրականներով` քաղուած նոյնինքն ներկայացուած վէպի օղակներէն:

Ապա անոնցմէ մէջբերուած պարբերութիւններ ու նախադասութիւններ  կը վերլուծէ, ցոյց տալով` որ անոնք իրենց բառային իմաստէն անդին` մարդկային ներաշխարհի բոլոր ծալքերը կը բանան ու տեսանելի կը դարձնեն:

Մեծ գրագէտին  պատկերած կացութիւններուն մէջ տիպարներուն կեցուածքներն ու շարժուձեւերը, հակազդեցութիւններն ու արտասանած բառերը յատուկ կշիռ ունին ու նպատակ, կը բացայայտեն նկարագրային էատարրեր ու հոգեվիճակներ:

Մարի Ռոզ Աբուսէֆեան իր մեկնաբանութիւններուն հեղեղը կարծէք անբաւարար համարելով եւ յափշտակուած Օշականի արուեստի հմայքէն ու անոր խորաճանաչութենէն, իրաւացիօրէն, տեղ մը ինքն իրմէն կը յորդի ու կը բացագանչէ. «Կնոջ ներքին զգայարանները ճանաչելու նրա կարողութիւնը հասնում է զարմանք-հիացումի: Այնպիսի նուրբ շերտեր է բացում կնոջ զգացումների մէջ, այնպիսի գոյներով հրամցնում, որ կին լինելով` մնում ես ապշած, թէ  ինչպէ՛ս է նա տեսել ու զգացել այդ ամէնը կնոջ մէջ…»:

Փիլիսոփայական վերլուծումներով եւ հոգեբանական խորունկ թափանցումներով  յագեցած մեկնաբանական այս աշխատութիւնը, խորքով ու ծաւալով (  273  էջ ), կ՛ենթադրէ երկարատեւ տքնանք ու պրպտում: Բայց անոր ոճն ու զգացականութեամբ յայտնուած մտածումներու հոսքը մէկ շունչով գրուած ըլլալու տպաւորութիւնը, համն ու բոյրը կու տան ընթերցողին:

Մարի Ռոզ Աբուսէֆեան իր այս աշխատութեամբ կը փաստէ, թէ ինքնավստահ ու համարձակ ` մտած է Օշականի մտածմունքի  յորձանուտին մէջ եւ արժանաւորապէս բացայայտած` անոր խորութիւնն ու ուժգնութիւնը: Նաեւ, այդ յորձանուտին մէջ  յաջողած է գտնել Օշականի արուեստին տարաբնոյթ հոսանքներուն ուղղութիւնը եւ նովին բանիւն ալ իր կարեւոր նպաստը բերած` գրական պեղումներու մեկնաբանական բնագաւառի հարստացման:

Տակաւին, իր իսկ խոստովանութեամբ , ամբողջականօրէն, հոգիով ու մտքով սուզուած  իր տքնութեան մէջ ` միաձուլուած է   Մեծ գրագէտի  ապրումներուն , զգացած է անոր տառապանքն ու երկունքը , անկոտրում կամքն ու հաւատքը: Եւ`  «…Զգացի, որ նրա գործերում յայտնաբերում ես ինքդ քեզ…»։

«Հարիւր մէկ տարուան եռագրութիւն»-ի   մասին մեկնաբանական այս գիրքը կարդացողը ամբողջական ընկալումով կը ծանօթանայ  Յակոբ Օշական մարդուն ու ստեղծագործողին , անոր ապրած ժամանակին ու կեանքի որոշ հանգրուաններուն եւ… թուրքի հոգեխառնուածքին:

Կը ծանօթանայ նաեւ գրական վերլուծումներ կատարելու կարողութեամբ օժտուած  եւ հոգեբանական բարդ խնդիրներ մեկնաբանող ու պարզաբանող Մարի Ռոզ Աբուսէֆեանի վարժ գրիչին:

 

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Asekose.am-ի նյութերի հետ կապված Ձեր տեսակետը, պարզաբանումը կամ հերքումը կարող եք ուղարկել info@asekose.am-ին․ այն անմիջապես կզետեղվի կայքում
Հասարակություն ավելին