▲ Դեպի վեր

lang.iso lang.iso lang.iso

Աստծո առաջ և պատմության համար

Սրտագին Կոչ

Աստուծոյ Առաջ եւ Պատմութեան Համար/հոդվածն արևմտահայերենով է և դասական ուղղագրությամբ/

 ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ աշխարհը ապշահար եղաւ ի տես համացանցին մէջ յայտնուած տեսագրութեններու, ուր իսլամական ծայրայեղականներ ջարդուփշուր կ՛ընէին Մուսուլի թանգարանի պատմական արժէքաւոր արձանները:

 

Քանդուածները՝ ըլլան անոնք ցուցանմուշ, թէ իսկական, մարդկային քաղաքակրթութեան առաջին իսկ օրերէն մնացած՝ մեզի հասած իրեր էին, մինչ բարբարոսութեան վայրն ալ մեզի ծանօթ մարդկային քաղաքակրթութեան ծննդավայրը համարուող աշխարհագրական շրջանը:

Հինգ վարկեան տեւողութիւն ունեցող տեսաերիզը, որ ըստ նշուածին արտադրութիւնն է Տաէշի Նինուէյի շրջանի տեղեկատուական գրասենեակին, կը սկսի Քուրանի համարով մը, որ կռապաշտութիւնը կը դատապարտէ: Խաւարամիտ ծայրայեղականները մարդկային անցեալի քաղաքակրթութիւնը յատկանշող արձաններու թանգարանի մը մէջ պահպանումը կռապաշտութեան հետ շփոթած՝ մուրճերով եւ քանդիչ գործիքներով, հետեւելով Թալիպանի իրենց գաղափարակիցներուն օրինակին, որոնք իրենց կարգին ատենին Աֆղանիստանի մէջ քանդեցին Պուտայի անզուգական մեծադիր արձանները, տեսաերիզին մէջ ջարդուփշուր կ՛ընէին անգին արձաններ ու առարկաներ, որոնց կարգին Ասորեստանը խորհրդանշող Քրիստոսէ առաջ 7-րդ դարէն ի վեր պահպանուած՝ մարդկային դարաւոր պատմութեան ականատես՝ «Թեւաւոր Եզը»:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 Ի տես այս անհաւատալի  բայց իրաւ, դարեր առաջ Հուլաղու Խանի Մոնկոլներներուն Պաղտատի գրադարանի հրկիզումը յիշեցնող տխուր երեւոյթին, (որ ճակատագրի մէկ հեգնանքով պատմութեան մէջ պատահած է գրեթէ միեւնոյն օրերուն՝ 29 Յունուարէն 10 Փետրուար, 1258-ին), տեսաերիզը տեսնողին սիրտը կը ճմլուի ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս կը զգանք ի տես մարդկային էակի մը վնասուելուն: Մուսուլի ամբողջ պատմութիւնն է, որ քանի մը վայրկեանի մէջ փոշիի կը վերածուի ձեռամբ անմարդկային էակներու՝ այնպէս ինչպէս են ինքզինքնին «հաւատացեալ» կոչող Տաէշականներ, որոնք մինչ Ասորեստանի մշակութային արժէքները կ՛ոչնչացնեն, միեւնոյն ժամանակ ջարդի ու գաղթի կ՛ենթարկեն հազարաւոր բնիկ ասորիներ եւ շրջանի բնակիչ այլ փոքրամասնութիւններ: Կորուստը միայն Մուսուլինը չէ անշուշտ, այլ՝ համայն աշխարհին ու մարդկութեան, մինչ դէպքը կը յիշեցնէ մեզի 100 ամեակ մը առաջ մարդկութեան դէմ գործուած այլ ոճիր մը՝ հայոց ֆիզիքական, նիւթական եւ մշակութային արժէքներու ոչնչացումը, այն ալ միեւնոյն աշխարհագրական շրջանին մէջ:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշակութային արժէք համարուող Ասորական եւ Աքադական Կայսրութիւններու արձաններու  քանդումին ի տես, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Իրինա Պոքովա դատապարտեց Իսլամական Պետութիւն (ՏԱԷՇ) ահաբեկչական խմբաւորման գործողութիւնները թանգարանին մէջ՝ «շոքի մէջ եմ տեսագրութիւնը դիտելէն ետք»  ըսելով, մինչ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն հովանաւորող միջազգային ամենամեծ կազմակերպութիւնը ՄԱԿ-ն ու անոր Ապահովութեան Խորհուրդը, տակաւին զարմանալիօրէն անճար եւ ձեռնածալ կը մնան  երբ համացանցին մէջ յայտնուած տեսագրութենէն կ՛երեւի, թէ եղածը միտումնաւոր գրոհ է Իրաքի հազարամեայ պատմութեան ու մշակոյթի նկատմամբ, իսկ այսպէս կոչուած Իսլամական Պետութեան բարբարոսական գործողութիւնները կը խախտեն ՄԱԿ-ի հռչակագիրները, որ գերագոյն ոճիրի համազօր կը նկատեն մշակութային արժէքներու նկատմամբ բռնութիւնները ինչպէս նաեւ մարդկային արժանապատուութեան պղծումը: Ի՞նչ կը սպասէ ՄԱԿ-ի Ապահովական Խորհուրդը համաշխարհային զինակոչով մը դէմ դնելով չախչախելու համայն մարդկութեան ու մարդկային քաղաքակրթութեան սպառնացող այս երեւոյթը:

Վերոյիշեալը մեզ մտածել կու տայ, թէ ո՞րքանով ապահով է Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը Պէյրութէն ընդամէնը շուրջ միայն 100 քլմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող Տաէշի զինեալներէն: Լիբանանեան անձնազոհ բանակը մինչեւ երբ կրնայ դիմադրել երկրին արեւելեան սահմաներու սեմին գտնուող վտանգին, եւ ի տես ՄԱԿ-ի կամ  Տաէշի դէմ դաշնակցած երկիրներու անկարողութեան ո՞վ պիտի կրնայ կենալ Լիբանանեան Բանակի կողքին՝ դիմադրելու դերեւս անխուսափելին: Հետեւաբար ո՞վ պիտի երաշխաւորէ Լիբանանի ապահովական ապագան:

Ի տես այս բոլորին, ի՞նչ կ՛ընէ լիբանանահայութեան ղեկավարութիւնը: Ի՞նչ տեսակի կանխազգուշական միջոցներու դիմած է ան՝ փրկելու Լիբանանի տարածքին մեր ունեցած մշակութային արժէքները: Բնաւ մտածուած է եռացող այս շրջանէն հեռացնելով դէպի աւելի ապահով վայրեր՝ դէպի Հայրենիք փոխադրել մշակութային արժէք ներկայացնող շարժական կարգ մը իրեր ինչպէս ըրաւ օրինակ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը երբ շաբաթ մը առաջ նմանօրինակ մտահոգութեամբ մը իրենց նախահօր՝ Օսմանի մեծ հօր Սուլէյման Շահի այսպէս կոչուած «աճիւնները» Սուրիայէն փոխադրեց Թուրքիա...:

Ատենը չէ՞ առեւտրական արժէք ներկայացնող եւ գաղութիս հաստատութիւններուն նիւթական ապահովող մեր կարգ մը ազգային կառոյցները ծախելով տնտեսական միենոյն ներդրումը ընել համեմատաբար ապահով՝ Հայաստանեան մեր Հայրենիքին մէջ այդ կալուածներուն տէր միեւնոյն ազգային հաստատութիւններուն անունով: Սուրիոյ մեր ազգային կառոյցներուն տնտեսական արժէզրկումը այսօր բաւարար դաս մը չէ՞ դժբախտ օրինակէ մը սորվելու:

Փորձանքը գալէն ետք այլեւս ինչի՞ կրնան ծառայել ապահովագրական ընկերութիւններուն տալիք գումարները կամ մեր մատենադարաններուն ու թանգարաններուն փայտէ դռները պաշտպանող ելեկտրոնային քոտերով փլասթիքէ կղպանքները Տաէշներու մուրճին ու կրակին դիմաց՝ Այնճարէն մինչեւ Անթիլիաս, Զմմառէն մինչեւ Հայկազեան...:

Մեր կոչը անհեթեթ խուճապ մը ստեղծել չէ, որ կը նպատակադրէ անշուշտ, այլ հեռատես կանխազգուշութեան սրտագին կոչ մըն է՝ Աստուծոյ առաջ եւ պատմութեան համար...:

Asekose.am-ի նյութերի հետ կապված Ձեր տեսակետը, պարզաբանումը կամ հերքումը կարող եք ուղարկել info@asekose.am-ին․ այն անմիջապես կզետեղվի կայքում
Քաղաքական ավելին