▲ Դեպի վեր

lang.iso lang.iso lang.iso

Արգենտինահայերը դիմել են Կաթողիկոսին` Հայր Մխիթարի կարգալուծման հարցով

Պուէնոս Այրէս, Մայիս 2014

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.

Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց



Վսեմափայլ Տէր,

Մեզի, Պուէնոս Այրէսի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուս, խորկսկիծ եւ մտահոգութիւն պատճառեց մեր սիրելի Հայր Մխիթարի կարգալուծման տխուր լուրը:

Մանաւանդ անոնք, որոնք սերտօրէն կապուած են Մայր Եկեղեցւոյ եւ սատարած՝ անոր բարգաւաճման, զայն շէնցնելու եւ փայլեցնելու համար, երկար տասնամեակներ վայելած են բազմաթիւ Հոգեւոր Հայրերու Աստուահաճոյ գործունէութիւնը: Մեր գաղութի մեծ տոկոսը, ո՛չ միայն կնքուած, պսակուած, հաղորդուած է, այլ նաեւ ստացած է հայեցի դաստիարակութիւն, շնորհիւ մեր հոգեւոր ականներու ազգանուէր ոգիին, որ մեծապէս նպաստած է հայ ինքնութեան պահպանման վսեմ գործին:

Ներկայիս ականատես կ'ըլլանք, նոր սերունդի պատկանող երիտասարդ հոգեւորականներու, որոնք ընդհանրապէս եւ յայտնօրէն կը տարբերին իրենց գործելաոճով, գաղութիս մէջ տարիներով վաստակ ունեցող եւ անսակարկ կերպով ծառայած նախորդողներէն, մանաւանդ կրթական եւ մշակութային ասպարէզէն ներս:

Նոյնը չէ պարագան Հայր Մխիթար Գուտուզեանի, որ աւելի քան երեք տասնամեակներ, հարաւամերիկեան այս հեռաւոր ափերուն վրայ, իր բարեհամբոյր բնաւորութեամբ, կրցաւ շահիլ համայն հայ գաղութի համակրանքը, սէրն ու յարգանքը: Այս համեստ, ազգասէր ու եկեղեցաշէն հոգեւորականը, յատկապէս մշակութային մարզէն ներս, իր անխոնջ աշխատութեամբ, կրցաւ նոյնիսկ բարձր դիրքի հասնիլ տեղական զանազան շրջանակներու մէջ, ուր արժանացաւ բարձր գնահատանքի իր արուեստագիտական արժանիքներու շնորհիւ: Ան այս ձեւով հանդիսացաւ մեր մշակոյթի փայլուն ներկայացուցիչներէն մէկը:

Մեր գաղութը, իր կրօնական ծառայութենէն զատ, բազմաթիւ անգամներ օգտուած է իր եղբայրական յորդորներէն, բարի խրատներէն կամ մխիթարական խօսքերէն, միաժամանակ վայելելով իր երաժշտական տաղանդն ու շնորհները եկեղեցւոյ սրբաշունչ պատերէն ներս:

Ստորագրեալներս՝ համեստօրէն կը խնրենք Ձերդ Վեհափառութենէն, որ վերստին քննէք Ձեր որոշումը, այլապէս մեր գաղութը պիտի կորսնցնէ մեզի շատ օգտակար տարր մը, երբ արդէն ամբողջ Սփիւռքի մէջ գիտակից եւ նուիրեալ հոգեւորականներու տագնապ կայ:

Երանի աշխարհատարած բոլոր հայ գաղութներուն մէջ գտնուէին Հայր Մխիթար Գուտուզեանի նման ուսեալ, համեստ ու ազնիւ կրօնականներ, որոնք պատիւ կը բերեն Հայ եկեղեցւոյ եւ համայն Հայ ժողովուրդին:

Մատչելով ի Համբոյր Ձեր Սուրբ Աջին՝



Արկենթինահայ Թեմի հաւատացեալներ

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել Asekose.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ: Նյութերի ներքո` վիրավորական ցանկացած արտահայտություն կհեռացվի կայքից:
Հասարակություն далее