Հասան Ճէմալի «1915. Հայոց Ցեղասպանութիւն» գիրքին Արեւելահայերէն թարգմանութեան եւ արձագանգներուն մասին:
Հասան Ճէմալ Թուրքիոյ մէջ կանխավճիռները կործանող եւ այս պատճառաւ ալ հալածանքներու ենթարկուող լրագրող ու մտաւորական մըն է: Իբրեւ Հրանդ Տինք Հիմնարկ՝ պատիւ կը զգանք անուանի մտաւորականի խօսքը Հայաստանի ժողովուրդին լսելի դարձնելով:
Դժբախտաբար հետեւած ենք գրքին թարգմանիչ՝ Ռուբէն Մելքոնեանի «թարգմանութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարուած» ըլլալու վերաբերեալ պնդումներուն: Որպէս Հրանդ Տինք Հիմնարկ, միջազգային չափանիշերով հրատարակչութիւն կ՚ընենք: Ըստ այս չափանիշերուն, թէ՝ թարգմանիչին եւ թէ՝ հրատրակչութեան պարտականութիւնն է՝ գրողին բնագրին հաւատարիմ մնալ: Թարգմանիչ մը երբեք իրաւունք չունի գրողին բնագրին վրայ փոփոխութիւն ընելու կամ ենթակայական նշումներ աւելցնելու: Ռուբէն Մելքոնեանի խնդրոյ առարկայ «թարգմանութեան մէջ փոփոխութիւն» պնդումը հետեւեալն յետագրութիւն է: «Թարգմանչական խումբը բացարձակապես չի կիսում հեղինակի այս մտքերը՝ դրանք համարելով իրականությանը հակասող (Ռ.Մ.):»: Իբրեւ հրատարակիչ, հեղինակին հանդէպ մեր պարտականութիւնը կատարեցինք եւ այս յաւելեալ նախադասութիւնը հանեցինք գիրքէն: Գրողի բնագիրին հաւատարիմ մնալու նպատակով թարգմանութեան մէջ այս փոփոխութիւնը կատարած ենք: Թարգմանիչի մը կամ թէ հրատարակչութեան մը, գիրքի գրողին համամիտ ըլլալը խնդրոյ առարկայ չէ: Թարգմանիչին գործը չէ գրողին համամիտ ըլլալ: Որեւէ թարգմանիչ իրաւունք չունի հեղինակի գործին միջամտելու, կամ գաղափար աւելցնելու: Անկարելի է որ լուրջ հրատարակիչ մը յօժարի թարգմանիչին աւելցուցած ենթակայական դիտողութիւնները ընդունի իր գիրքին մէջ:
Ռուբէն Մելքոնեան գիրքը կարդալէ ետք ընդունեց թարգմանութիւնը, իր ազատ կամքով, անշուշտ ոչ ձրի: Կրնար մերժել թարգմանութիւնը, եթէ համամիտ չեր այս գիրքը արեւելահայերենով հրատարակելու մեր նպատակին: Իսկ եթէ Ռուբէն Մելքոնեան իր անձնական մտահոգութիւններու պատճառաւ Հասան Ճէմալի գործին մասին համամիտ չեղած կէտերը արտայայտելու պէտքը կը զգայ, թարգմանելէ ետք ասոր մասին զատ յօդուած մը կրնայ հրատարակել: Յարգարժան ակադեմականի մըն ալ այս կը վայելէ, այլ ո՛չ թէ իր անձնական տեսակէտը աւելցնել՝ թարգմանութեան: Մենք իբր հրատարակիչ կը խորհինք, որ ընթերցողին հանդէպ մեր ունեցած պարտականութիւնը լրջօրէն կատարած ենք:
Հայերը, որպէս գրաճանաչութեան հնագոյն արմատներու տէր ժողովուրդ մը, ունին հեղինակին խօսքերուն ճշգրիտ թարգմանութիւնը կարդալու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ գաղափարները հարցաքննելու հասունութիւնը… Ոեւէ թարգմանիչի մը մատնանշումին կարիք չզգալու չափ ալ ուշիմ են:
Հասան Ճէմալի Հայաստան այցելութիւնը կատարուած է անցեալ շաբաթ, շնորհիւ Սիվիլիթաս եւ Անատոլու Քիւլթիւր հիմնարկներու: Կազմակերպութիւնը ամբողջովին իրենց վաստակն ու յաջողութիւնն է: Այս առիթով կուզենք շնորհաւորել իրենց նախաձեռնութիւնը: Կը հասկնանք, որ պահանջներ կային հարցումներ ուղղելու, որուն համար ժամանակ չէ մնացած: Յուսանք յառաջիկային նոր առիթներ կը յայտնուին աւելի երկար ելոյթներու համար: «Սարն ի վեր» անուն սոյն ծրագիրը իրականացած է «Աջակցութիւն Հայաստան – Թուրքիա կարգաւորման գործընթաց»ի շրջագծով եւ Եւրոպական միութեան ֆինանսական ներդրումով: Այս ծիրէն ներս կը գործեն ութը հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնք թափանցիկ բնոյթով կը ծաւալեն իրենց աշխատութիւնները: Իրենց աշխատութեան լրացուցիչ տեղեկութիւններուն կարելի է հետեւիլ կայքէջի միջոցաւ:
Հասան Ճէմալի գիրքի շնորհանդէսէն ետք ոմանք կը փորձեն Հրանդ Տինք Հիմնարկի գործունէութիւնը մրոտել:
Հիմնադրութենէն այս կողմ Հրանդ Տինք Հիմնադրամը կը գործէ Թուրքիայէ ներս ժողովրդավարութեան, խօսքի ազատութեան, մարդու իրաւունքներու զարգացման, պատմութեան հետ առերեսման խնդիրներու կողքին, նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ժողովուրդներու բարեկամութեան, ժողովուրդներու միչեւ կապ հաստատելու եւ կամուրջ ստեղծելու նպատակով:
Բոլոր մամլոյ եւ հասարակութեան, յարգանօք՝
Տէլալ Տինք
Հրանդ Տինք Հիմնարկ