Ունի՞նք երբեւէ մենք՝ հայերս, ՉԱՓԻ զգացում: Մեր ուշադրութեան կիզակէտը շատ անգամ կը դարձնենք երկրորդական հարցերը, նոյնիսկ երրորդական, աչքէ գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար հեռացնելով առաջնայինը, առաջնահերթը:
Առարկայական եւ անաչառ մօտեցումէ ընդհանրապէս զուրկ ըլլալով, մեզմէ ամէն մէկը ի դժբախտութիւն մեր ժողովուրդին, կ'ուզէ ի՛ր Օրակարգը յառաջ տանիլ, ի՛նք երեւիլ, ի՛ր ըրածը ընդգծել, շեշտադրել, միաժամանակ՝ շուքի մէջ ձգել այլոց ըրածը: Պիտի հասուննա՞նք վերջապէս եւ պիտի կարենա՞նք ամէն երեւոյթ, իրադարձութիւն արժեւորել՝ հայ կեանքին մէջ ունեցած իր ճիշդ տեղին ու դերին մէջ: