▲ Դեպի վեր

lang.iso lang.iso lang.iso

Տրոյական ձիերը հայերս էշի տեղ են դրած

Երբ Ալթայի տափաստաններէն եկած բորենին նստած Վոսբորի ափերուն վրայ իր անսահման թալանի արիւնոտ պատառները կ'որոճար՝ հայ խլեակներ իրենց ցաւը գրեթէ միայնակ շալկած, խաբուած բոլոր մեծ ու փոքր ուժերէ կը փորձէին ամոքել իրենց վէրքերը:

Թուրքիա այնքան լկտիացած էր իր յաջողութեան ի տես` որ կը մերժեր նոյնիսկ ընդունիլ գոյութիւնը հայ ժողովուրդին եւ ինչպէս քիւրտերուն լեռնցի թուրք կ'անուանէր, նոյնպէս ի տես հայոց ձգած հսկայական նիւթական վկայարաններու, զանոնք կը կոչէր՝ Քրիստոնեայ թուրքերու մնացորդաց, ինչպէս մինչեւ օրս երբ Անիի աւերակները զբօսաշրջիկներուն ցոյց կու տան, հոն վահանակներու վրայ ցուցադրուած ամէն տեսակ ազգ տիրած է Անիին բացի հայկական թագաւորութեան որ երբեք հետք չէ թողած:

Եղեռնի վաթսունամեակը եղաւ շրջադարձային հայ ժողովուրդին համար: Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքի ամենահեռաւոր ափերը, ուր որ քանի մը հայ կ'ապրէր, մեծ պոռթկումով մը ոտքի կանգնեցան իրենց ցաւի ոլորտումներուն մէջ եւ իրենց սուգը վերածեցին պահանջատիրութեան:

70-ական թուականներու զինեալ պայքարը վերջ տուաւ այդ պատրանքին՝ թէ Թուրքիան վերջնականապէս լուծած է իր ամէնամեծ մղձաւանջը, որ աւելի քան 200 տարի հանգիստ չէր տար Թուրք ղեկավարութեան:  Յայտնի 1977-ի Թուրքիոյ արտ. գործ. նախարար՝ Իհսան Սապրի Չարղայանկելի նախաձեռնութիւնը՝ հայերէն ներողութեան պէս բան մը խնդրել եւ ապա մոռնալ հայ դատ ըսուածը, 15 րոպէ տեւած տեսակցութիւն մըն էր միայն, մերժուելով սփիւռքահայ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ:  Հարցը պարզ էր, ներողութիւն կ'ըսենք՝ բայց հատուցում չկայ, հողերու մասին խօսք անգամ չ'ըլլար. ինչպէ՞ս կարելի է ՆԱԹՕ-ի տարածքները յանձնել այդ ժամանակուան Վարշաւիոյ Ուխտի տարածքներուն, եւ Թուրքիան խաղալով իր սովորական լոլոները Արեւելքը՝ որպէս Արեւմուտքի թատրոնը շարունակեց իր պահուածքը, փորձելով սակայն միշտ ամենաքիչ վնասով դուրս գալ ստեղծուած վիճակէն առած նոյն խնդիրներուն երբ 200 տարիէ աւելի կարողացած էր խուսանաւել:

Այս անգամ այլեւս չունէր սպառնալու անզէն ազգաբնակչութիւնը ջարդեր կազմակերպել տարիներով վախցնելու իր սովորական «հերոսութիւնը» եւ ընտրեց խորամանկութիւնը որպէս հերթական մարտավարութիւն:

Վերջին 35 տարիներու ընթացքին հայ պահանջատիրութեան ընդլայնումով Թուրքիան պարտաւորուեցաւ ամէն 5 – 10 տարի պարբերաբար փոխել իր պատմութիւնը նախ չընդունելով հայ տարրի միատար մեծամասնութիւնը Թուրքիոյ որեւէ մէկ նահանգի կամ գաւառի մէջ:  Ապա քարոզչական պատերազմի մէջ պարտութիւն կրելէ վերջ սկսաւ վերանայիլ իր նախկին դիրքերուն:  Աշխարհի զանազան երկիրներ երբ ճանչցան հայոց ցեղասպանութեան փաստացիութիւնը սպառնական եւ ցաւագին գալարումներով ընդունեցին ճանաչման փաստերը սակայն երբեք միտք չունէին մաքրուելու այդ խառանէն եւ միշտ փորձեցին ճարպիկ ռազմավարութեամբ խուսանաւել իրենց տրուած հարուածներէն:

Հայ պահանջատիրութեան 30 տարուան գործունէութիւնը՝ ցեղասպանութեան ճանաչումը դարձնելու գլխաւոր ռազմաճակատը ձեռնտու էր թուրքերուն համար, որ իր պետական մեքենան եւ Թրքական ու աւելի վերջ Ազերիական սփիւռքներու վարձկաններ կը գործածէին դիմակայելու այդ ճնշման, բացի մի քանի փոքր յաջողութիւններէ հայկական լօպիին ուր եղան մի քանի ապահովագրական ընկերութիւններուն դէմ յաղթանակ:  Եղեռնէն իրենց մնացած հսկայական հարստութեան հատուցման եւ շուրջ երեսնեակ մը երկիրներու ցեղասպանութեան իրաւացիութիւնը ճանաչումէն առհասարակ Թուրքիան տակաւին հանգիստ կը շնչէ:  Այնքան ատեն որ հարցը կը մնայ այս մակարդակի վրայ, Թուրքիան հանգիստ է:

Սակայն անհոգ չէ քնացած, երբ այլազան ճնշումներու տակ պարտաւորուած զիչումներու կ'երթար՝ ընդունելով որ նախ ցեղասպանութիւն չէր եղած, այլ տարագրութիւն եւ յետոյ շատ քիչ ժողովուրդ մահացած է պատերազմական դժնդակ պայմաններու տակ, թէ Թրքական պետութիւնը եւ բանակը խնամած են տարագիրները, սակայն համաճարակներու եւ այլ բնական պայմաններէ ազդուած եղած են զոհեր երկուստէք, թէ հայերն ալ սպաննած են թուրքեր:  Ու այսպէս իրենց գլխաւոր նպատակը եղած է մերժել կանխամտածուած ցեղասպանութեան փաստը:

Հայաստանի անկախացումէն ետք, երբ շրջանի մէջ նոր ոյժ մը ծնաւ՝ այս հաւասարակշռութիւնը խախտեցաւ եւ Թուրքիան սկսաւ մտահոգուիլ եւ վերանայիլ իր ռազմավարութիւնը:  Ճնշումի նոր լծակ մը ունէր հիմա, Հայաստանի շրջափակումը եւ իր լծակից Ատրպէյճանը, որուն նաւթատոլարները նաեւ նպաստաւոր էին այդ քաղաքականութեան... միշտ մերժելով իր ցեղասպան պիտակը եւ միշտ զիջելով նուազագոյնը:  Վերջին քանի մը տարիներուն երբ կը մօտենայ ցեղասպանութեան 100-ամեակը, նախ յայտարարեցին որ Հայաստանի հետ կրնան լեզու գտնել, սակայն սփիւռքահայ լօպին էր որ իրենց անարդար գործունէութեամբ կը խափանէր Հայաստան-Թուրքիա կարելի համախոհութիւնը, երբ բրոթոքոլները նաեւ ստորագրուեցան՝ եւ սակայն չվաւերացուեցան, խաղը յայտնի եղաւ որ պարզապէս ժամանակ շահելու խաղ էր:

Թուրքիան այս շրջանին ինչպէս ըսինք՝ հանգիստ չէր քնացած, իր գաղտնի սպասարկութիւնները եւ դիւանագիտական ծառայութիւնները տենդագին աշխատանքի լծուած էին սուտը եւ կաշառքը որպէս զէնք շռայլելու ամէնուրէք. TARK-էն սկսեալ մինչեւ իսկ յայտարարութիւններ... որ սփիւռքի հետ նոր էջ բանալով սիրաշահիլ կ'ուզեն զայն, խոստանալով հայկական կողմին շքեղ պտոյտներով Պոլսոյ եւ այլ շրջաններու մէջ խաբել, փորձել հայկական համայնքներու մէջ գտնել մարդիկ, որ պատրաստ կ'ըլլան ծախելու իրենց մեծ հայրերու եւ մայրերու տառապանքը, որ իրենց համար շահաւէտ գործարքի աղբիւր կրնայ դառնալ:

Պաշտօնական անձինք, որոնք մօտ կապեր ունին պետական անձերու հետ, կը փորձէին զբօսաշրջիկային շրջապտոյտներ կազմակերպել. եւ բարեբախտաբար չունենալով մեծ թիւով հետեւողներ, օրերս լռած են, սակայն այդ անբարոյականները չեն լքած ասպարէզը:

Կայ նաեւ այլ տեսակի աւելի վտանգաւոր գործունէութիւն ծաւալող տարրեր, կեղծ միութիւններ, որոնք ստուերոտ գործունէութիւն կը տանին, եւ սփիւռքի մէջ զանազան շրջաններու մէջ կը գործեն որպէս 5-րդ զօրասիւն, այսպէս կոչուած Հայ Իրաւաբաններու Միութեան որոշ ղեկավարներ մօտ յարաբերութիւններ կը մշակեն Լոս Անճելոսի Թուրք հիւպատոսին հետ. օրինակ պրն. Էդուին Մինասեանը՝ նախկին Պոլսահայ, որ եղբայրական սերտ կապեր հաստատած է գացող եկող Թուրք հիւպատոսներու հետ եւ իր մանկլաւիկ նախկին թմրամոլ՝ Կարօ Ղազարեանը... եզրակացութիւնները կը թողունք ձեր երեւակայութեան:

Գալով այսպէս ասած Թուրք մտաւորականութեան, որ կ'ընդունին ցեղասպանութիւնը եւ ներողութիւն կը խնդրեն, մինչեւ իսկ Հայաստան այցելելով ծաղկեփունջ կը զետեղեն եղեռնի յուշարձանին անմար կրակին առջեւ. անկե՞ղծ են, ո'չ բոլորը. կան «մտաւորականներ» որ ուղղորդուած են նոյնիսկ Թուրք կառավարութեան կողմէ մոլորեցնելու մեր «ոչխարները», օրինակ Թաներ Աքչամ՝ որքա՞ն մօտ է հայութեան եւ նուիրուած հայոց ցեղասպանութեան դատին, չափը ինք գիտէ... բայց միայն այդքան:  Կ'ընդունի ցեղասպանութիւնը եւ կը դատապարտէ զայն ամենէն հատու կերպով, նոյնիսկ իր վրայ կ'առնէ ԱՄՆ-ի միակ ցեղասպանագէտ Թուրք մասնագէտի տիտղոսը, բայց հազիւ բերանդ բանաս հատուցման մասին՝ բացարձակապէս ոչ է պատասխանը:  Ի՞նչ է տարբերութիւնը Թանէր Աքչամին եւ վերը յիշուած նախկին նախարար Չարղայանկելի թեզերուն, ոչ շատ բան:

Վերջերս՝ Մարտ ամսու կէսերուն Գերմանիոյ Բոցտամ քաղաքի մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը ուր կը քննարկուէր Արմին Վակնըրի գիտական գործունէութիւնը:  Գերմանիա գործուղուած հայ գիտաշխատող մը տեղեակ պահած էր իր վերադասները, որ կասկածելի գործունէութիւն մը կը ծաւալի այնտեղ:  Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի թղթակից անդամ եւ Պատմութեան Գիտութիւններու Ամբիոնի վարիչ՝ Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան նախ մի քանի նամակներով կը զգուշացնէ նախաձեռնողները, իսկ երբ իր երեք նամակները անպատասխան կը մնան, ինք անձամբ կը մեկնի՝ առանց հրաւէրի եւ երեք օր առանց համապատասխան ճանաչում ստանալու, միայն վերջին օրը խօսք կ'առնէ եւ կոշտ պատասխան կու տայ փափուկ Թրքական խաղին: Սցենարը հետեւեալն է. ոմն վերապատուելի Մարթին Թամքէ ինքնակոչ ցեղասպանագէտ, գերմանական բողոքական եկեղեցւոյ բարձր պաշտոնակատարը՝ Արմին Վակնըրին դէմ վարկաբեկիչ գիրք մը գրած է, կասկածի ենթարկելով Վակների ականատեսի վկայութիւնները:  Մէկը՝ որ գլխաւոր ականատես եւ վկան եղած է, որպէս Գերմանիոյ Կարմիր Խաչի սպայ՝ իրաւաբանական գիտութիւններու տօքթ. որ գլխաւոր վկայարաններէն մէկը գրած է եղեռնի ամենասարսափելի տեսարանները նկարագրելով, ու որպէս անկեղծ ականատես լուսանկարած է եղեռնը, սահմռկեցուցիչ ջարդը, ու գաղտնի կերպով իր մարմնին վրայ պահելով հասցուցած էր Գերմանիա, ծանր հալածանքներու ենթարկուած, սակայն անդրդուելի էր մնացած իր ամբողջ կեանքի ընթացքին:  Ահա նման սրբակենցաղ մարդու վրայ ցեխարձակում կը կատարէ Մարթին Թամքէնը, դատապարտելով զայն որ կաշառք ստացած է հայերէն, ոսկեղէններ գողցած անոնցմէ, եւ ամենէն ահաւորը կը դատապարտէ զայն որպէս միասեռական:  Ամենանենգ միջոցը այս է... եթէ չես կրնար վկայութիւնը մէջտեղէն վերցնել՝ սպաննէ վկան, այսինքն պատգամաբերը, զայն վարկաբեկելով կասկած յարուցանել վկայութեան վրայ:

Այս բոլորին նպատակը մէկ բան է. Կարելի եղածին չափ խուսափիլ անխուսափելիէն:  Թուրքերը կը հետաձգեն անխուսափելին եւ կը փորձեն ամէնաքիչ վնասով դուրս գալ այս թնճուկէն:  Ցեղասպանութեան 100-ամեակին յայտարարել ներողութեան պէս բան մը եւ իւրայատուկ ալա թուրքա, լալով ողբով մեզմէ աւելի բարձրաղաղակ եւ միայն այդքան, ո'չ հողային, ո'չ ֆիզիքական կորուստներու հատուցում եւայլն:

2013-ի եղեռնի յիշատակութեանց եզակիութիւնը կը հանդիսանայ 100-ամեակի նախօրէին՝ նոր ընթացքի մը յայտարարութիւնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետին համատեղ ստորագրութեամբ յայտարարութիւնը, որ վճռական ոճով կը յայտարարէին եղեռնի պատճառով «լքուած կալուածներու» պատրուակին տակ գրաւուած ազգային եւ եկեղեցական կալուածներու վերադարձը, նիւթական, մշակութային եւ այլ կորսուած հարստութիւններու նկատմամբ թուրք կառավարութենէն հատուցման պահանջքը:

Ի պատիւ երկու Վեհափառ Հայրապետներուն, որոնք մեր պահանջատիրութիւնը վերացական հարթութենէ բերին իրաւական հարթութեան, մինչ հայ քաղաքական կառոյցները նոյն ջուրը կը ծէծէին ամէն տարի ոգեկոչելով ցեղասպանութիւնը նոյն ամէնօրեայ միջոցառումներով:  Վեհափառ Հայրապետերը մէկ գրչի հարուածով տարիներու սխալ կրկնութիւններուն վերջ դրին՝ նոր շունչ ու ոգի տալով մեր պահանջատիրութեան:  Ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետներուն Հայ Դատը նոր բովանդակութիւն պիտի ստանայ հողային պահանջատիրութեամբ, նիւթական պահանջատիրութեամբ եւ նաեւ ցեղասպանութեան ճանաչմամբ:

 

Գագիկ Ստեփանեան

20 Մայիս, 2013

Asekose.am-ի նյութերի հետ կապված Ձեր տեսակետը, պարզաբանումը կամ հերքումը կարող եք ուղարկել info@asekose.am-ին․ այն անմիջապես կզետեղվի կայքում
Քաղաքական ավելին