Ամերիկեան Թունիսի գարնանային յայտագիրէն յետոյ ամբողջ Միջին Արեւելքի տարածքը հիմնական փոփոխումներու ատակ հանդիսացաւ, յաջորդական երկիրներ փլատակելէ յետոյ այնպէս կ՛ակնկալուի, թէ կարգը Թիւրքիոյ կը սպառնայ, ուրեմն այս վիճակը մեզ՝ հայերուս ալ կը հետաքրքրէ:
Բացայայտ է, թէ բոլոր սրտցաւ հայեր այս նոր իրադարձութիւնը և եղելութիւնները ուշադրութեամբ պիտի հետապնդէ:
Ազգայնամոլ թուրքը, իսլամական կարգախօսով ոգեւորած քիւրտերու հետ միասնաբար մեզ Եղեռնի ենթարկեցին: Այս իրականութիւնը սփիւռք ցրուած ամէն մի հայ իր հոգիին խորը զգացած է, այս զգացումն ակնյայտ է մեզ բոլորին:
Հարիւր տարիէ ի վեր մեր մշակութային, եկեղեցական կառուցուածք և արժէքներ թալանեցին, ոչնչացուցին, հայութեան հետքը ջնջիլ ուզեցին:
Այժմ հարիւր տարի յետոյ թուրքական ազգայնամոլ աւագանին մեզի հանդէպ ունեցած վարմունքի նմանը քիւրտերու վրայ ալ փորձել կը մտին, կը ջանան:
<Քիւրտ չկայ, բոլորս թուրք ենք կարգախօսով>
Բայց քիւրտերը հարիւր տարուայ առաջուան քիւրտերը չեն: Ինքնագիտակցութեան եկան, հասկցան իրենց աններելի հանցանքը, որով վերի ղեկաւար դասը ներողութեան յայտարարութիւններ կ՛ընեն: Ներկայիս քիւրտ ժողովուրդը հասկցած է դրութիւնը և իր ազատութեան, անկախութեան համար կը մարտնչի:
Քիւրտերը մեռնիլ սորվեցան
Բայց այս հանգրուանին մեղադրեալ քիւրտերու հանդէպ մեր կեցուածքը ի՞նչ պիտի ըլլայ, յառաջիկային քիւրտերու հետ մեր յարաբերութիւնը ի՞նչ ընթացք պիտի ստանայ:
Այս հարցը մեծածաւալ միջազգային քաղաքական բախումներու դուռ պիտի բանայ: Նկատել, թէ քիւրտերը հազարաւոր տարիներ առաջ Միջին Արեւելք գաղթած և բնաւ տէրութիւն չունեցող, զանազան անուներով ցեղային ամփոփում մըն էին: Կայ նաև յարակից տէրութիւններու իրավիճակը: Այս կարգաւորման մէջ, մեծ տէրութիւններն ալ հաշուել պէտք է, բոլորը իրենց ազգային շահերէ մղուած <<քարիւղ>> և այլն…Գորդեան ին հանգոյց:
Թուրքիոյ արեւելեան հատուածին մէջ քիւրտերը մեծամասնութիւն կը կազմեն, երեք տարուան զինադադարէ յետոյ բախումները դարձեալ սկսան, երկար ժամանակ կ՛առնէ: Անգամ մը որ անկախութեան ըմբռնումը որ մտաւ իրենց դատողութեան մէջ չի մարիր:
Ինչպէս ու Յունաստանը ելեւէջային ըմբոստացումներու և քաղաքական իրավիճակի բերմամբ ճիշտ 100 տարի յետոյ 1912ին իրենց անկախութիւնը հռչակեցին:
Իմ անձնական գաղափարս ըլլալով, երեւելի քիւրտերու ըսի. Դուք մինչեւ Կարս կը տիրապետէք, օրին մէկը, եթէ դուք ստանաք /Արեւելեան Հայաստանը մատնանշելով/ չ՛ըսէք, թէ մենք արիւն թափեցինք, այդ տարածքը մերն է, որովհետեւ ձենէ առաջ այդ արիւնը մենք թափած ենք, որով մինչեւ Վան լիճը, անկէ ալ 10 քմ հարաւի հողամասը մեզի կը պատկանի:
Բայց ներկայի 21-րդ դարու դէպքերը աւելի արագ կը զարգանան:
Ուրեմն, ժամանակն է, որ յառաջիկայի Միջին Արեւելքի փոփոխումները նկատի առնելով, մենք ազգովին այժմէն պատրաստուինք Արեւմտեան Հայաստանի փրկութեան կանխամիջոցներու ձեռնարկել: Խորհենք մեր քաղաքական զարգանալիք հիմնական, արմատական ռազմագիտական վարմունքի մասին:
Ներկայիս կայ Սփիւռքի՝ Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւն, բայց դեռ սաղմի մէջ է, աշխատել զայն զարգացնիլ, կատարելագործել և բոլոր իրական երկիրներու կառավարութեանց նման նախարարութիւններով կարգաւորել հնարաւորին չափ:
Մեր այս բոլոր յառաջադիմական նկատումները իրագործելու համար այժմէն էական տուեալներ գործադրել յաղթահարելու համար մարդկային ուժի կողքին, ամէն բանին բանալի եղող դրամագլուխի հայթայթամբ, պէտք չէ աջ ու ձախ դիմել մուրացկանի նման դրամ խնդրել:
Գիտեմ ժամանակի կորուստէ ձանձրացուցիչ, նեղացուցիչ և զայրոյթալի է, բայց պէտք է համոզել անձերը, աշխարհ ցրուած հայութեան, փոքր և միջակ խանութպաններորու կողքին եղած մեծ գործարարները, որոնք իրենց ապրած երկիրների կառավարութեանց տարեկան իրենց շահին, ըստ երկրի օրէնքներու, 35-50 տոկոս, նոյնիսկ 75 տոկոս ստիպուած են տուրք վճարել:
Ուրեմն մեր ազգային տեսանկիւնէ՝ հիմնել Սփիւռքի յատուկ դրամարկղ, որ պիտի մատակարարէ, նախադրեալ ջանադիր քանի մը անձերու կողմէ կազմուելիք 10-15 հոգինոց ընտրեալ, հնարամիտ, յաջողած գործարար, ազգասէր անձերէ կազմուած յանձնախումբ մը, ելեւմտական նախարարութեան նման, քննարկել ծախսերը և վճարումները: Պիտի ունենայ պաշտօնեաներ գրանցելու և հետապնդել շարունականութիւն:
Ապագային խիստ կարիքը պէտք ունենալիք Արեւմտեան Հայաստանին աննախատեսելի ծախսերը դիմագրաւելու համար, քիչ վերը յիշուած անձերը իրենց տուրքերու գոնէ 1 տոկոսի փոխարժեքը այդ Սփիւռքի յատուկ դրամարկղի յանձնախումբին վճարել իբր շնորհալի ազգային պարտականութիւն, տասը տարի յետոյ կամ առաջ կուտակուած գումարը տոկոսներով կը կրկնապատկուի:
Գանձուած դրամները պատսպարել Հայաստանի մէջ: Հայաստանի պանքի դրութիւնը համաշխարհային չափանիշով ամենավստահելիներէն է և կրնայ սեպուիլ, իսկ տուեալ տոկոսը 8 է, արեւմտեան պանքերը առաջուայ նման բարձր տոկոս չեն վճարեր, այժմ՝ գրեթէ ոչինչ:
Արեւմտեան երկիրներու պանքերու կառոյցը միշտ անկայուն եղած է, յետոյ միջազգային աներեւակայելի, աննախատեսելի բարդութեանց պարագային Սփիւռքի անունով դրուած հաշիւներուն կրնան գրաւ դրուիլ:
Հայաստան ապահովութեան տեսակետէ ունի երկու կարեւոր յատկանիշներ:
Առաջին. /հակառակ Ազերի և Թուրքի երկու կողմի շրջապատուած ըլլալուն/ Ռուսաստանի հետ կնքուած դաշնագիրով ապահովուած է Արեւելեան Հայաստանը:
Երկրորդ. Հայաստանն այսօր անդամ է Եւրոյասիա խմբաւորումին, որ կը բաղկանայ Ռուսիոյ, Չինաստանի, Հնդկաստանի, Իրանի և Պրազիլոյ համաշխարհային զինակցութեան:
Անցեալ սերունդը Արցախը ազատագրեց, իսկ այս սերունդը Արեւմտեան Հայաստանը պիտի ազատագրէ, ինչպէս որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգիսեան յայտարարեց՝ պիտի ըսուի, թէ Հայաստան, Արցախ, Արեւմտեան Հայաստան՝ երեք հայրենիք պիտի ունենանք, անշուշտ, թէ ոչ գալիք ապագայ սերունդն ալ այս երեք Հայաստանը պիտի միացնէ, Մեծն Տիգրանի յաւիտենական Հայաստանը պիտի ունենանք:
Ներկայ սերունդը պէտք է գիտակցի ազգային իր պատասխանատուութիւնը և ըստ այդմ շարժի: Հայութեան ապագան կախեալ է իր գործունէութեան, յաջողականութեանը համեմատութենէն:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՍՐՄԱՔԷՇ
Շվեյցարիա,
03.09.2015 թ.
Հոդվածը դասական ուղղագրությամբ է