Պատրիարքական Աթոռոյ Կրօնական Ժողովը 13 Յունիս 2016 թուի նիստին ընթացիկ հարցերու առընթեր օրակարգի վրայ ունեցած է այն հակազդեցութիւնները, որոնք ծագած են Գերմանիոյ Դաշնակցութեան խորհրդարանին մէջ 1915ի դէպքերը ցեղասպանութիւն որակող օրինագծի կապակցութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ, Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Րէճէպ Թայյիպ էրտօղանի յղուած նամակին պատճառով։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռը, իր պատմութեանը ընթացքին ջանացած է բարեացակամ եւ երկխօսական յարաբերութիւններ մշակել երկրի ղեկավարութեանց հետ, նաեւ առաւելագոյն ջանքը ցուցաբերած է, չանտեսելով երկրի հանրային կարծիքի զգայնութիւնները այն նիւթերու մասին, որոնք կը հետաքրքրեն երկրի համայն հանրութիւնը։
Կրօնական ժողովս ըստ հնամենի կիրառմանց եւ աւանդութեանց կարծիք չյայտներ քաղաքական եւ իրաւական հարցերու շուրջ։ Ի բացակայութեան այն մարմիններուն, որոնք լիազօրուած պիտի ըլլային արտայայտուելու յանուն համայնքի, սոյն պարտականութիւնը կը ստանձնէ օրուան Աթոռակալ Սրբազան Պատրիարքը։ Ն. Ա. Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր անհանգստութեան պատճառով, սոյն պարտականութիւնը իր վրայ առած է Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։ Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը, սոյն պարտականութեան գիտակցութեամբ եւ համայնքային հաստատութեանց կարգ մը վարիչներու եւ առաջատար բարերարներու ներկայացուցած պահանջքին ընդառաջելով գրի առած է սոյն նամակը, Գերմանիոյ Խորհրդարանի կայացուցած որոշումին կապակցութեամբ։
Բարձր. Սրբազան Հայրը հետեւած է Աթոռին ծառայած նախկին Աթոռակալ Պատրիարքներու եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու օրինակին։ Սկզբունքով նամակագրութիւնը տեղին կը նկատենք։ Սակայն ապագային որպէսզի համայն պատասխանատուութիւնը չբեռցուի սոսկ Պատրիարքական Աթոռին վրայ, պատշաճ կը նկատենք եւ ակնածանօք կը յայտնենք, թէ նման արտայայտութիւնները գրի առնուին լայնանիստ խորհրդակցական հանդիպումներով, նկատի ունենալով որոշ զգայնութիւններ։
Տխրութեամբ կը հետեւինք թէ, նամակի պարունակութեան մասին եղած քննադատութիւնները, գերզգայնութեան պատճառաւ անդրանցնելով քննադատութեան սահմանները, հասած են նախատինքի, սպառնալիքի եւ նուաստացման մակարդակին։ Մեր համայնքի անդամները կը հրաւիրենք, որ որդեգրեն խղճամիտ եւ պաղարիւն կեցուածք ու հասկացողութեամբ մերձենան սոյն նամակին, նկատի առնելով մեր երկրի մէջ տիրող քաղաքական եւ ընկերային իրականութիւնները, Օսմանեան Հայոց 100 տարի առաջ ենթարկուած Մեծ Եղեռնի կապակցութեամբ։ Մեր Քրիստոնեայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն կը յիշեցնենք, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խօսքը, ուր կ՚ըսէ. «Մի դատէք երեւոյթին համեմատ, հապա դատեցէք արդարութեամբ» (Յովհ. 7.24) եւ կը մաղթենք, որ սէրն ու հանդուրժողութիւնը տիրէ սիրտերու մէջ։
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ
***
Համայնքային Հիմնարկներու Հարթակի (VADİP) արտակարգ նիստը գումարուեցաւ 13 Յունիս 2016 Երկուշաբթի օր, Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ յարակից Քազազ Ամիրա Սրահին մէջ մասնակցութեամբ՝ համայնքային 36 հաստատութեանց վարչութեանց ներկայացուցիչներու։
Գերմանիոյ Դաշնակցութեան Խորհրդարանի մէջ, 1915ի դէպքերուն կապակցութեամբ կայացած որոշումին հակազդած են Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Րէճէպ Թայյիփ Էրտողան եւ պետական աւագանին։ Ծանօթ է թէ, Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահին նամակ մը յղուած է Պատրիարքական Աթոռի կողմէ, ստորագրութեամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի։ Այս ժողովին, մանրամասնութեամբ քննարկուած են, թէ նամակի պարունակութիւնը եւ թէ անոր հետ առընչուած զարգացումները։ Յարմար դատուած է սոյն հաղորդագրութեամբ հանրային կարծիքին հետ բաժնել մեր արժեւորումները։
Հայկական հարցի առընչութեամբ Թուրքիոյ եւ երրորդ երկիրներու միջեւ ծագած քաղաքական բոլոր ձգտեալ վիճակները, դժբախտաբար, պատճառ կը դառնան որ մեր համայնքը մաշի։
Թուրքիոյ համայնքը իրմէ բոլորովին անկախ զարգացած գործընթացներու պատճառաւ անհանգիստ վիճակի կը մատնուի, հակառակ անոր որ զուրկ է այդ բոլորին վրայ ազդելու եւ կամ անոնց ընթացքին միջամտելու կարելիութիւններէն։
Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի գրի առած նամակին իբր հետեւանք, համայնքային կարգ մը շրջանակներու մօտ, ինչպէս նաեւ համայնքային կարգ մը մամլոյ սիւնակներու մէջ յառաջացած են հակազդեցութիւններ, որոնք խոր յոզում կը պատճառեն։ Պատրիարքական Աթոռը դիրախի դիրքի մատնելու կեցուածք մը համայնքին առջեւ ողջմտութեան առումով դժուար է պաշտպանել եւ անկարելի՝ իւրացնել։
Միւս կողմէ օգտակար կը նկատենք բաժնել մեր մաղթանքը թէ, տարբեր կարծիքներ, որոնց նկատմամբ սկզբունքով յարգանգ կը տածենք, պէտք է արտայայտուին համայնքային ընդհանուր ներդաշնակութեան առումով ժխտական տպաւորութիւններ չյառաջացնելիք ձեւով։
Ապագային որպէսզի Պատրիարքական Աթոռը եւ Թուրքիոյ Հայ Համայնքը նման քննադատութեանց նշաւակ չդառնան, հարկաւոր կը նկատենք որ ներհամայնքային խորհրդակցութեան շարժակները շուտափոյթ եւ անյապաղ գործի լծուին, որուն պակասը շրջանէ մը ի վեր զգալի է։
Յարգանօք կը հաղորդենք մեր համայնքի եւ հանրային կարծիքին։
Հերման Պալեան
Դեր Ատենապետ VADİPի